2014-03-21 10:26:58

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 28 մարտին պիտի գլխաւորէ ապաշխարութեան կարգը` այս արարողութեամբ սկիզբ կու տայ ''24 ժամ Տիրոջ համար'' նախաձեռնութեան


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յառաջիկայ 28 մարտ 2014 պիտի գլխաւորէ ապաշխարութեան կարգը ս. Պետրոս պազելիքայի մէջ։ Այս ծիսակատարութեամբ սկիզբ կու տայ ''24 ժամ Տիրոջ համար'' նախաձեռնութեան, որ պիտի կատարուի Հռոմի եւ աշխարհի բազմաթիւ թեմերու մէջ։ Արարողութեան ընթացքին նախատեսուած են խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարումը։ Սրբազան Քահանայապետը անձամբ խոստովանարան պիտի նստի։
Հռոմի բազմաթիւ եկեղեցիները այդ օրը բաց պիտի մնան կարելիութիւն տալով հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալու։
''24 ժամ Տիրոջ համար'' աւարտին նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ` գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլա պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։
Նշենք այս նախաձեռնութիւնը կ'ընդառաջէ եպիսկոպոսներու սիւհնոդոսի հոկտեմբեր 2012 մէկ առաջարկին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը շարունակէ անդադար ընդգծել առանցքը Աստուծոյ ողորմութեան ու գթութեան հրաւիրելով հաւատացեալները ապաշխարութեան ու զղջումի։







All the contents on this site are copyrighted ©.